Դպրոցական

Ս.Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամ

 

2002 թուականին հաստատուած Ս.Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամը կը ստանայ նուիրատուութիւններ, կտակներ եւ դրամական կամ ինչքերու նպաստներ, որոնք կը տնօրինէ եւ կ՛օգտագործէ բարեսիրական նպատակներով: Հիմնադրամի գումարները որեւէ ժամանակ չեն կրնար տրամադրուիլ դպրոցի ընթացիկ ծախսերուն, սակայն կրնան օգտագործուիլ այլ նպատակներու ինչպիսին են.

  • Կրթաթոշակներ շնորհել՝ ֆինանսական օժանդակութեան կարիքը ունեցող աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարողանան իրենց ուսումը աւարտել իրենց զարգացման նպաստող միջավայրի մը մէջ:
  • Նպաստել կրթութեան որակին եւ բարելաւել զայն դպրոցէն ներս:
  • Աջակցիլ դպրոցը զարգացնելու եւ արդիականացնելու ուսումնական պիտոյքին:

Հիմնադրամի վարչական խորհուրդը, դպրոցի տնօրէնութեան հետ համախորհուրդ, պատրաստած է յառաջիկայ տարիներուն իրագործուելի ծրագիրներու ցանկ մը: Մեր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին հիմնադրամին նպաստել սեղմելով ստորեւ յղումի հասցէն: Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր առատաձեռնութեան համար:

 

Այցելել մեր կայ Կայքէջը

 

LOGO FNDNT ARM